2015-06-05 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Աւետարանի քարոզութիւնը Եկեղեցւոյ առաջնահերթ մտահոգութիւնն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ուրբաթ, 5 յունիսին ընդունեցաւ Քահանայապետական Առաքելական Գործունէութիւններու ընդհանուր համագումարին մասնակիցները։ Խօսքը անոնց ուղղելով, Սրբազան Պապը իր գոհունակութիւնը արտայայտեց հանդիպումին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ծիրանաւոր Ֆիլոնիի։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ մարդկութիւնը կարիքն ունի Սուրբ Աւետարանի քարոզութեան՝ որովհետեւ Սուրբ Աւետարանը աղբիւր է ուրախութեան, յոյսի եւ խաղաղութեան։ Աւետարանի քարոզութեան գործունէութիւնը տակաւ կը հանդիսանայ իբր եկեղեցւոյ մեծագոյն մարտահրաւէրը։

“Աւետարանի քարոզութիւնը Եկեղեցւոյ առաջնահերթ եւ մնայուն մտահոգութիւնն է, Եկեղեցւոյ էական պարտականութիւնը, մեծագոյն մարտահրաւէրը, եւ աղբիւր նորոգումի։ Աւետարանի քարոզութեան ուժգնութենէն կը սերի Եկեղեցւոյ, անոր կառոյցներուն եւ հովուական գործունէութեան իսկական նորոգումը։”

Սրբազան Պապը ուղղելով խօսքը Աւետարանի քարոզութեան բոլոր պատասխանատու մարմիններուն, շեշտեց՝ որ այդ կոչումը ծանր եւ առանձնաշնորհեալ պարտականութիւն մըն է։ Այդ պարտականութեան գործադրումով՝ քարոզիչներու հայեացքի եւ հետաքրքրութիւններու հորիզոնները պիտի ընդլայնուին։

“Ծանօթ են մեզի Սուրբ Հոգւոյն հրաշքները, զորս կը գործէ մարդկութեան մէջ, նաեւ դժուարութիւններու եւ հալածանքներու ընթացքին։ Սուրբ Հոգին կը գործէ այդ հրաշքները այն Եկեղեցիներու միջոցաւ, որոնք նիւթապէս աղքատ են։ Եկեղեցին կոչուած է դուրս գալու դէպի մարդկութեան այդ ծայրամասերը եւ ձեռք երկարելու մեր բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք կ’ապրին առանց ոյժի, լոյսի եւ Յիսուս Քրիստոսի մխիթարութեան։ Հետեւաբար Եկեղեցւոյ պատասխանատու մարմինները գլխաւոր դերակատարներն են Աւետարանի նորոգեալ քարոզութեան՝ ուղղուած բոլորին եւ յատկապէս աղքատներուն, խոնարհներուն եւ գաղթականներուն։ Քարոզութեան պատասխանատուները պարտականութիւնն ունին նեցուկ կանգնելու երիտասարդ Եկեղեցւոյ ժառանգաւորներուն, քահանաներուն եւ կրօնաւորուհիներուն՝ առաքելավայրերու եւ Քահանայապետական Վարժարաններու մէջ։ Ի դէմս այսպիսի գեղեցիկ եւ կարեւոր պարտականութեան մը՝ Յիսուսի հաւատքը եւ սէրը կարողութիւնն ունին մեզ մղելու՝ քարոզելու համար սիրոյ, եղբայրութեան եւ արդարութեան Աւետարանը որեւէ վայրի մէջ։ Այս կը կատարուի աղօթքով, աւետարանի քաջութեամբ եւ երանութիւններու վկայութեամբ։”

Սրբազան Պապը յորդորեց՝ “կը խնդրեմ, ուշադիր եղէք որ չիյնաք ’Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութեան’ մը վերածուելու փորձութեան մէջ, եւ կամ չվերածուիք օգնութիւններու բաշխման գրասենեակի մը։ Դրամը օգնութիւն է, կրնայ սակայն նաեւ ըլլալ առաքելութեան կործանումը։ Մի կազմէք բազմաթիւ ծրագիրներ եւ քարոզութեան գործունէութենէն Յիսուս Քրիստոս դուրս մի դնէք, որովհետեւ քարոզութիւնը Անոր գործն է։

Նոյնպէս՝ չկայ Աւետարանի ճշմարիտ քարոզութիւն՝ առանց Սուրբ Հոգիի սրբարար ներգործութեան. միայն Ան կարող է նորոգել։

Խօսքի աւարտին Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ իբր “Աւետարանի քարոզութեան աստղը”, որ մեզի կ’օգնէ միշտ պահպանելու հրայրքը Աստուծոյ Արքայութեան հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.